2012-05-19 12:32:49

ՅՊԲ Երանելիի <<Մասունքը>> Սան Ճովաննի Րոթոնտոյի Մէջ։


19 - 25 մայիս Իտալիոյ Սան Ճովաննի Րոթոնտոյի <<Սանդա Մարիա Տելլէ Կրացիէ - Շնորհաց Տիրամայր - եկեղեցւոյ մէջ կը զետեղուի, հաւատացեալներու պաշտամունքին արժանանալու` Վատիկանէն ժամանած, ՅՊԲ երանելիի <<մասունքր>>։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի Կարկանօ շրջանի կատարած Հովուական այցելութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ։
Տօնախմբութիւնները սկիզբ կ՛առնեն շաբաթ 19 մայիսի յետ միջօրէին ու կը տեւեն մէկ շաբաթ որուն ընթացքին նախատեսուած են զանազան եկեղեցական եւ հոգեւոր արարողութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.